2009-10-22 13:32:58

Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսի աշխատանքները`վերարծածել աւետարանութիւնը հիւսիսային Ափրիկէի մէջ որպէսզի քրիստոնէութիւնը չդառնայ քրիստոնեական յիշատակարան։


Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսի աշխատանքները`վերարծածել աւետարանութիւնը հիւսիսային Ափրիկէի մէջ որպէսզի քրիստոնէութիւնը չդառնայ քրիստոնեական յիշատակարան։
Եպիսկոպոսները շարունակելով իրենց աշխատանքը հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն նիւթերու մասին, նախ քննարկեցին առաջարկներու թղթածրարը եւ գրի յայտնեցին իրենց դիտողութիւնները։ Ապա Գահիրէի գաղտիոյ եպիսկոպոսը իր կատարած միջամտութեան մէջ ուժգին կոչ ըրաւ որպէսզի հիւսիսային Ափրիկէի եկեղեցիները չվերածուին թանգարային յուշարձաններ։ Եպիսկոպոսը խնդրեց որ արիութեամբ ու հանդգնութեամբ շարունակուի ս. Մարկոս աւետարանիչէն սկսած Եգիպտոսի աւետարանութեան աշխատանքը։ Պէտք ենք մեր յանցանքները ընդունիլ ու սուրբ Հոգիէն ամրապնդուած վերսկսիլ աւետարանի քարոզութիւնը աւելի վճռակամութեամբ ու աւելի հաւատքով` հնազանդելով Քրիստոսի հրամանին. ''գացէք աւետարանեցէք համայն աշխարհ մինչեւ աշխարհի կատարածը''։ Մենք պէտք չէ խօսինք որպէս մարդիկ այլ որպէս Աստուծմէ ղրկուած խօսելու Յիսուս Քրիստոսի մասին։
Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ԷՐԻԹՐԷԱ։ 2002ին լոյս տեսած հրամանագիրով մը կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ ՝Մահմէտականութիւնը,Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցին,Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Լուտերան համաշխարհային Դաշնակցութեան կապ՝ Աւետարանական Եկեղեցին, այլ բոլոր կրօնաւորական խումբերը պէտք է որ արձանագրուին,անոնք որոնք արձանագրուած չեն որեւիցէ գործունէութիւն չեն կրնար ունենալ։ Էրիթրէան ունի 4ու կէս միլիոն բնակիչ,որու հարիւրէն 50,5 տոկոսը քրիստոնեաներէ կազմուած է,հարիւրէն 44,7 տոկոտսը մահմէտականներ, իսկ հարիւրէն 4,8 տոկոսը այլ դաւանանքներու կը պատկանի։ Կաթողիկէներու թիւն է՝ 148.000. Կան Եկեղեցական 2 գաւառներ եւ 5 Եպիսկոպոսներ։ Էրիթրէայի մէջ թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւնները կը հաշուէն 107,իսկ առանց վարդապետի կան 8 ժողովրդապետութիւններ։

Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.